2016-12-06 12:36:00

՝՝Ճրագ եւ խաղաղութիւն՝՝ խորագիրով դասախօսութիւն` Գրիգորեան համալսարանին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի եւ Գրիգորեան Քահանայապապետական համալսարանի միջ-կրօնային ուսմունքի բաժանմունքին  կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին՝ առաւօտեան, յիշեալ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՝՝Ճրագ ու խաղաղութիւն՝՝ խորագիրով դասախօսութիւն մը, որուն սկիզբը կայացաւ նաեւ աւանդական հնդկական իւղով լապտերի մը ճրագ վառումը։

Դասախօսութեան բացման արարողութեան,  Քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարանին ընդհանուր տեսուչի  ողջոյնի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Քահանայապետական Միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի նախագահը՝ կարդինալ Ժան Լուի Թոռան, որուն սկիզբը իր անհուն ուրախութիւնը յայտնեց այս առաջին հնդիկ - Քրիստոնեայ դասախօսութեան կազմակերպութեան համար, գնահատելով  միջ-կրօնային երկխօսութեան  համալսարանական կեդրոններուն ներդրումը՝  ձեռնարկին իրականացման ծիրէն ներս։

Իր ելոյթին մէջ  Ծիրանաւորը շեշտեց հանդիպումի կարեւորութիւնը` եւ այդ հանդիպումը յատկանշող բարեկամական հոգին, ճանչնալով մէկը միւսին փոխադարձ ներկայութիւնը՝ կառուցելու համար նոր աշխարհ մը ՝ հիմնուած ժողովուրդներու  եւ բոլոր դաւանանքներու միջեւ ներդաշնակ համակեցութեան վրայ։

Կարդինալ Թոռան նկատել տուաւ, որ իրարու միջեւ հանդիպումին իմաստաւորողն է  դասախօսութեան ՝՝Ճրագ եւ Լոյս՝ խորագիրը,  յայտնելով իր անձնական  համոզմունքը   որ իւրաքանչիւր միջ-կրօնային երկխօսութիւն   եթէ յառաջ ընթանայ ուղիղ հոգիով , կը սատարէ  խաղաղ եւ մարդկային աշխարհի կերման։

Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի նախագահը, բարձր արժէքաւորեց  միջ-կրօնային բնոյթ ունեցող դասախօսութիւնը, որ նոր թափ պիտի հանդիսանայ  Հնդիկ-Քրիստոնեայ երկխօսութեան ձեռնակներուն շրջագիծէն ներս։

Ան ապա իր խօսքը աւարտեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզզիի խաղաղութեան  ի սպաս աղօթքով, որուն մէջ սուրբը Տիրոջմէ կը հայցէ դառնալ խաղաղութեան գործիք ու սէր սերմանել այնտեղ ուր ատելութիւն կը տիրէ,  ներում ուր կայ անարգանք, ճշմարտութիւն ուր սխալ կը գործուի, յոյս ուր կայ յուսահատութիւն եւ վերջապէս ուրախութիւն, այնտեղ ուր գոյութիւն ունի տխրութիւն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.